17.1.14

Անդրանիկ Ծառուկեան. ծառ մը՝ նայիրեան մեր ապրումներուն մէջ (ծննդեան 100ամեակին առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Ա.
Միայն հազուադէպօրէն կրնայ պատահիլ, որ նախապէս կարդացուած գիրք մը երկրորդ անգամ ալ ձեռք առնեմ ու վերընթերցեմ։ Խօլ վազքի ու անհանդարտ հեւքի դարաշրջանի մարդիկն ենք։ Ետեւ նայելու շատ առիթներ չունինք։ Արագ-արագ սահող ժամանակը դժբախտաբար տեղ չի թողուր վերընթերցումներու։
Բայց ՎԵՐ-ԸՆԹԵՐՑՈՒՄԷՆ առաջ՝ միթէ կը յաջողի՞նք ԸՆԹԵՐՑԵԼ։
Գրադարանս լեցուն է անբախտ գիրքերով՝ որոնք պարզապէս չեն ընթերցուած։ Արդէն, նոր հասնող գիրքերը առիթ չեն տար, որ մեր հայեացքը ուղղենք հիներուն։ Նորատիպները հիներուն մրցակիցներն են կարծէք, անոնց խափանարարները…։ Այս տեսակ տարօրինակ մտածում ունեցե՞ր էիք,- գիրքը գիրքին թշնամի՞…։
Այո՛, այդպէս է։ Նոր հասնող գիրքերը յաճախ կ՚արգելակեն հին գիրքերուն ընթերցումը, մանաւա՛նդ վերընթերցումը։
Օ՜, որքան անզուսպ կարօտն ու ցանկութիւնը ունիմ վերընթերցելու Րաֆֆիի «Խենթ»ն ու «Կայծեր»ը, Մալխասի «Զարթօնք» վիպաշարքը, Ռուբէնի յուշերը, Համաստեղի, Արամ Հայկազի ու Վահրամ Մավեանի գիրքերը, Դերենիկ Դեմիրճեանի «Վարդանանք»ը կամ Դաշտենցի «Խոդեդան»ը։ Բոլորն ալ 25-30 տարի առաջ յափշտակութեամբ կարդացուած գիրքեր։
Ամէն անգամ որ դիտեմ գրադարանիս հարիւրաւոր գիրքերը կամ մատներս պտըտցնեմ անոնց վրայ՝ ափսոսանքը կը տառապեցնէ զիս, նոյնիսկ կը կրծէ։ Բազմաթիւ գիրքերու կարդացուած չըլլալու իրողութիւնը «յանցաւոր»ի դիրքին մէջ կը դնէ զիս։ Կը վիրաւորէ գրասէր մարդու իմ արժանապատւութիւնը։ Մեր դասական գրողներէն շատեր, շարք-շարք կանգնած գրադարանիս մէջ, կարծէք մեղադրական հայեացքներ կ՚ուղղեն դէպի իմ կողմը։ Հաւաքաբար ձեռք կ՚երկարեն ինծի ու կ՚ըսեն.
- Անգամ մը ե՛ւս կարդա մեզ, մի՛ թողուր որ մոռացութեան գիրկը նետուինք։ Փրկէ՛ մեզ։
Այս աղերսանքին դիմաց անտարբեր չեմ անշուշտ։ Անմիջապէս կ՚երկարեմ իմ բազուկը դէպի այդ գրողները, բայց…չեմ յաջողիր բռնել ո՛չ մէկ ձեռք։ Լայն խրամատ մը արգելք է կարծէք, որ դէմ յանդիման պարզուած ձեռքերը միանան իրարու..։ Յուսախաբ են գրադարանիս դասական գրողները։ Յուսախաբ կը դառնամ նա՛եւ ես։
Անցեալները սակայն արտասովոր բան մը պատահեցաւ։
Գրադարանէն ինծի երկարած ձեռք մը վե՜րջապէս, ու ամրօրէն, բռնեց ափերս։ Քաշե՛ց զիս դէպի իրեն։
Անդրանիկ Ծառուկեանն էր։
Ուրեմն, պատահեցաւ այն՝ ինչ որ հազուադէպօրէն կը պատահի։ Վերընթերցեցի Ծառուկեանէն չորս հատորներ, - «Երազային Հալէպը»ի երկու հատորները, «Հին երազներ, նոր ճամբաներ»ը եւ «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»ը։
Այս վերընթերցումները իրականացան, որովհետեւ անդրադարձայ՝ թէ 2013ը «Թուղթ առ Երեւան»ի հեղինակին ծննդեան 100ամեակն էր։
Որեւէ 100ամեակ անկիւնադարձ մըն է ու կը հաւատամ, որ հարկ է արձագանգել անոր՝ անհատաբար թէ հաւաքաբար։
Անհատաբար արձագանգելու լաւագոյն կերպը ընթերցումն է, կամ վերընթերցումը։

Փառաւոր տարեդարձ մը եւ սքանչելի առիթ մը ահաւասիկ՝ դարձեալ մտնելու Ծառուկեանի կախարդական ոճին ու հմայիչ լեզուին մթնոլորտին մէջ, մանաւանդ ըմբոշխնելու այն բոլոր էջերը, որոնք կը պատմեն ի՛ր ու մե՛ր Հալէպին մասին։
Արդարեւ, Հալէպը անանջատ է Ծառուկեանի կենսագրութենէն եւ գրականութենէն։
Այս պատմական քաղաքին ո՛ր կողմն ալ երթաք՝ Ծառուկեանին ոտնահետքերը պիտի գտնէք։
Գացէ՛ք հին Հալէպի Աքապէ թաղամասը ու փնտռեցէք այն շէնքը՝ որ ժամանակին ծառայեր էր իբրեւ հայկական որբանոց եւ ուր իր մանկութիւնը անցուցեր էր Ծառուկեան…։
Անցէ՛ք Ճտէյտէէն։ Կանգ առէք Ազգ. Հայկազեան վարժարանի մանչերու բաժնի պատմական շէնքին առջեւ ու յիշեցէք Ծառուկեանը՝ որ հոն ուսանեցաւ ու հոնկէ շրջանաւարտ եղաւ 1928ին…։
Մտէք Թիլէլի Հոգետունը։ Հո՛ն կը գտնուէր «Նայիրի» ամսագրին խմբագրատունն ու համանուն տպարանը։
Նոր Գիւղ գացէք։ Զաւարեան վարժարանին առջեւէն անցնելու պահուն՝ մի՛ մոռնաք որ այնտեղ պաշտօնավարեց Ա. Ծառուկեան 1935-42, հայերէն լեզու եւ Հայոց պատմութիւն դասաւանդելով հասակ առնող հայ պատանիներուն…։ Քիչ մը անդին՝ Քարէն Եփփէ Ճեմարանն է, որուն հիմնադրութեան գործին մէջ, 1947ին, կարեւոր ու շօշափելի դեր ունեցաւ Ծառուկեանն ալ…։
Ծառուկեան ամէն տեղ է։ Ու ամենէն կարեւորը՝ Ծառուկեան հալէպահայութեան տաքուկ սրտի՛ն մէջ է։
Հալէպը մեծարած էր զինք 1983 Նոյեմբեր 16ին՝ իր ծննդեան 70 եւ
«Նայիրի»ի 40ամեակի զոյգ յոբելեաններուն առթիւ։ Հալէպը խանդավառօրէն ունկնդրած էր զինք բեմերէ՝ տարբեր առիթներով ու տարբեր նիւթերով։ Հալէպը հին ու նոր գիրքեր տպած էր իրմէ՝ նոյնիսկ յետ մահու։ Հալէպը բեմականացուցեր էր իր «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»ը…։
Հալէ՛պը, Հալէ՛պը, Հալէ՛պը…
24 տարի է՝ Ծառուկեանը չկայ։ 30 տարիէ ի վեր ալ «Նայիրի»ն չկայ։
Բայց ապացուցուեցաւ անգամ մը եւս՝ թէ Հալէպը զինք չէ մոռցած։
Ճիշդ է, որ վիրաւոր, արիւնաքամ ու կիսաւեր է Հալէպը այսօր։
Բայց ո՜վ զարմանք, Հալէպը դարձեալ (եւ անսպասելիօրէն) յոբելինական շատ տպաւորիչ ձեռնարկով մը ոգեկոչեց ու փառաւորեց Ծառուկեանը՝ անոր ծննդեան դարադարձին առիթով։
Այդ օր, 2013 Սեպտեմբեր 26ին, Հ.Բ.Ը. Միութեան կեդրոնի սրահը այնքան բազմամարդ էր ու խճողուած, որ քանի մը տասնեակ անձեր (մեծամասնութեամբ երիտասարդներ) ոտքի մնացին ու այդպէս հետեւեցան ձեռնարկին։
Դուրսը՝ հրետանիի ձայները կը շառաչէին, մինչ ներսը՝ վարակիչ խանդավառութեամբ կը խօսուէր Ծառուկեանի կեանքին ու վաստակին մասին, էջեր կը կարդացուէին «Երազային Հալէպ»էն…։
«Անհաւատալի բայց իրաւ» պիտի գոչէր յոբելեարն իսկ՝ եթէ հրաշքով մը ողջ ըլլար։
Խե՞նթ են այս հալէպցիները։ Քաղաքի մը մէջ, ուր անապահովութիւնը համատարած է, ուր հրթիռներ կամ հրասանդեր կ՚իյնան մեր տանիքներուն վրայ, եւ ուր փամփուշտներ կը սուրան աջէն ու ձախէն՝ օրը 24 ժամ, մարդիկ ինչպէ՞ս կրնան գրական ձեռնարկ սարքել ու ժողովուրդ համախմբել…։
Հալէպին ո՛ւժն ու գաղտնիքն է ասիկա։
Կայ ու կը մնայ նաեւ փոխադարձ սէրը՝ ընդմէջ Ծառուկեանին ու Հալէպին։ Հալէպցիք մի՛շտ ալ սիրած են Ծառուկեանը, իսկ ան ալ՝ իր մանկութեան, պատանութեան ու երիտասարդութեան յիշատակներով այնքան անքակտելիօրէն կապուած էր արեւելեան այս քաղաքին, որ մեր գրականութեան մէջ անմահացուց զանիկա՝ գրելով իր նշանաւոր «Երազային Հալէպը»։

***
Երիտասարդ նորագոյն սերունդը որքա՞ն կը ճանչնայ Ա. Ծառուկեանը կամ ի՞նչ գիտէ անոր մասին՝ տեղեակ չեմ։ Բայց հաստատօրէն կրնամ պնդել, թէ մեր երէց սերունդէն մեծաթիւ ու լայն խաւ մը, մանաւանդ գրասէր զանգուածը, հաւատարիմ ընթերցող եղած է Ծառուկեանին ու անոր խմբագրած «Նայիրի» շաբաթաթերթին։
Ես Ծառուկեանը անձամբ տեսնելու բախտն ունեցած չեմ։ Ճանչցեր եմ զինք լոկ իր լուսանկարներով, անշուշտ նաեւ իր գրական վաստակով։
Անդարմանելի դժբախտութիւն մը չեմ սեպեր այս պարագան, որովհետեւ կը հաւատամ, որ տաղանդաւոր գրագէտները կ՚ապրին բոլո՛ր ժամանակներու սերունդներուն համար ու բոլո՛ր ժամանակներու սերունդներուն հետ։ Կ՚ապրին՝ այնքան ատեն որ չեն կորսուած կամ մոռցուած անոնց գործերը։ Կը բաւէ որ գրադարանէն վար առնենք գրագէտի մը մէկ գիրքը ու սկսինք…կարդալ։ Ընթերցումը, ինքնին, տուեալ գրագէտին հետ տեսակ մը ցածրաձայն զրոյց է՝ որ մտածումի կայծեր կը բերէ մեզի հեղինակին գաղափարական աշխարհէն, նոյնիսկ եթէ ան հեռացած է կեանքէն 50, 100, 1000 տարի առաջ…։
Տէքարթը չէ՞ր ըսողը, թէ «ընթերցումը անցեալ դարերու մեծագոյն դէմքերուն հետ խօսակցութիւն մըն է»։

***
Անդրանիկ Ծառուկեան ապրեցաւ 76 տարի, 1913-1989։ Ճիշդ է որ մանկութիւն չունեցաւ, բայց գրագէտի ու հրապարակագիրի իր կեանքը եղաւ լիալեցուն եւ բեղմնառատ։ Գործեց մեծերու մտերմութեան մէջ, բախտն ունեցաւ այցելելու Սփիւռքի հեռու ու մօտիկ բազմաթիւ գաղութներ՝ Եգիպտոսէն Հիւսիսային Ամերիկա, Եւրոպայէն Հարաւային Ամերիկա, առանց հաշուելու Հայաստան կատարած իր այցելութիւնները՝ պաշտօնական հրաւէրով ու միշտ մեծարանքի ցոյցերով։ Հարո՛ւստ կեանք մը (ոչ անշուշտ նիւթական իմաստով), որուն գլխաւոր քանի մը հանգրուանները պիտի վերագծեմ այստեղ՝ ճամբայ ելլելով իմ վերընթերցումներէն։
Տրիտուր մըն է այս՝ իր 100-ամեակին, եւ ծաղկեպսակ մը՝ իր ցուրտ հողաթումբին վրայ…։

***
Ծառուկեան Կիւրինի ծնունդ է։
Այս անշուք քաղաքին անունը բան մը կ՚ըսէ՞ ձեզի։
Եթէ բանաք Թուրքիոյ արդի մէկ քարտէսը, Սեբաստիա-Մալաթիա-Կեսարիա եռանկիւնին ճի՛շդ մէջտեղը Կիւրինը կը գտնէք։ Եղեռնի նախօրէին՝ շուրջ 15 հազար հաշւող հայ բնակչութիւն մը ունեցած է, շրջակայ գիւղերով միատեղ։
Բայց Կիւրինը մեր մշակութային ապրումներուն մէջ առաւելաբար տեղ գտած է հոն ծնած երկու գրողներու շնորհիւ,- Անդրանիկ Ծառուկեան եւ Վահէ-Վահեան։
Ծառուկեան իր ծննդավայրին մասին ոչինչ կը յիշէ։ Լսած է, թէ ինք եղբօր թոռն է վաղեմի յեղափոխական դէմքի մը՝ Չէլլօ Թորոս Ծառուկեանին, զոր Թուրքերը կախաղան բարձրացուցեր էին 1893-ին։ Լսած է նաեւ, որ իր ծնողները աքսորի հրամանը առնելէ ետք՝ իրենց հնչուն խնայողութիւնները թաղեր են տան հաւնոցին մէջ ու ճամբայ ինկեր դէպի Սուրիոյ անապատները...։ Ընտանիքին գրեթէ բոլոր անդամները սպաննուեր են։ Վերապրեր են ինք ու մայրը։
«Արեւին ու աշխարհին դէմ աչքերս առաջին անգամ գիտակցաբար բացուած են Համայի մէջ, չորս տարեկանիս», կը գրէ ան։ Համան կեդրոնական Սուրիոյ քաղաքներէն մին էր, իր պատմական ջրաղացներով նշանաւոր, ուր հասած ու ապաստան գտած էին բազմաթիւ կիւրինցիներ։ Այստեղ, Անդրանիկն ու իր մայրը կ՚ապրէին փլփլած ու կիսաւերակ տան մը մէջ, քանի մը հարազատներու ու հայրենակիցներու հետ, բոլորն ալ կիներ։ Այս գաղթական հայ կիները, որպէս աղախիններ, առտուները գործի կ՚երթային արաբ հարուստներու տուները, եւ իրիկունը կը դառնային։ Ուստի, փոքրիկն Անդրանիկին հոգատարութիւնը վստահուած էր իրմէ հինգ տարու մեծ Սարգիսին, որ ուրիշ մէկը չէր՝ եթէ ոչ ապագայ բանաստեղծ…Վահէ-Վահեանը (Սարգիս Ապտալեան)։
Այդ օրերէն Ծառուկեան կը պահէ յուշի պատառիկ մըն ալ։ Կը պատմէ, որ օր մը երբ ոտաբոպիկ կը դեգերէին փողոցը Սարգիսին հետ, ուտելիքի թափուած աւելցուքներ տեսան մայթին եզերքը։ Հազիւ մօտեցեր էին թափուկին՝ երբ տեղացի արաբ շէյխ մը, գլխուն ֆէս ու վրան ճերմակ փաթթոցով, արգելք ըլլալու ճիգով մը կը յառաջանայ դէպի իրենց կողմը ու յանդիմանական շեշտով «լէ՛,լէ՛» (ո՛չ, ո՛չ) կը գոչէ։ Յետոյ գրպանէն կը հանէ պզտիկ արծաթ դրամ մը եւ կու տայ որբուկներուն՝ որ հաց գնեն…։ Ու քանի որ կարգ մը հետաքրքիր անցորդներ շրջապատեր էին զիրենք, շէյխը դառնալով անոնց կը բացատրէ. «Հարա՜մ, մուհէճիրին էրմէն…» (մե՜ղք, հայ գաղթականներ են…)։
Այս դրուագը պատմելէ ետք, Ծառուկեան կը պատգամէ.
- Համայէն պահած միակ յիշատակս է այս դէպքը։ Եւ կը յուսամ, այսքանը բաւարար է, որպէսզի Սփիւռքի նոր սերունդը իսլամը Թուրքին հետ չշփոթէ։ Աւելի ետքը, հասուն տարիքիս, կեանքի փորձառութիւնը ցոյց տուաւ թէ իսլամ արաբը բարոյական գետնի վրայ աւելի բարձր է քրիստոնեայէն։ Ու գիտեմ թէ հեռուներէն զիս քարկոծողներ կրնան գտնուիլ, երբ ըսեմ, թէ որոշ պարագաներու տակ բարձր է նոյնիսկ… Հայէն («Երազային Հալէպը», Բ. հատոր, էջ 37, Պէյրութ, 1996)։
Տարի մը անց, երբ Համայէն Հալէպ կը փոխադրուին, մայր ու որդի Ծառուկեանները նախ կը տեղաւորուին քաղաքին թրքական թափուր զօրանոցին մէջ (ղըշլա)։ Լայն սրահներով հնամենի հսկայ շէնք մըն էր ասիկա, որ ապաստանարան դարձեր էր բազմաթիւ հայ գաղթականներու։ Մերինները գետինը խսիրներ փռած, պատէ պատ սաւաններ ագուցելով՝ ժամանակաւոր «սենեակներ» սարքեր էին այստեղ…։ Բայց կարեւոր մտահոգութիւն մըն ալ կար,- մայրիկը դարձեալ աշխատանքի պիտի մեկնէր առտուները. ուրեմն, ո՞վ տէր պիտի կանգնէր փոքրիկն Անդրանիկին։
Գտնուած լուծումը սակայն եղաւ դաժան։ Անդրանիկը որբանոց պիտի դրուէր…։
Բայց 5 տարեկան մանչուկը յամառօրէն կ՚ընդդիմանար որբանոցի գաղափարին։
Այնուհանդերձ, առանց նկատի առնելու անոր լացն ու ճիչը՝ քաշքշեցին զինք մինչեւ որբանոցին դուռը, ուր պարթեւ եւ ուժեղ տղայ մը ճանկեց իր ծոծրակէն եւ կոպտօրէն ներս հրեց։ Այլեւս ՈՐԲ մըն էր Անդրանիկ Ծառուկեան…։
Որբանոցին գորշ պատերէն ներս իր ու իր նմաններուն վիճակած ոդիսականը գրի պիտի առնուէր ապագային, 30 տարի յետոյ, ու մեր սեղանին պիտի բերէր գրագէտ Ծառուկեանի դասական հանրածանօթ ու շատ սիրուած գիրքը՝ «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»ը…։


Բ.
Քանի մը տարի տեւող որբանոցային կեանքի աւարտին՝ մեր առջեւ կ՚ուրուագծուի Կիւրինցիներու Քէմփը։ Հալէպի ամենէն հանրածանօթ մէկ թիթեղաւանն էր այս, բնակուած առաւելաբար կիւրինցի գաղթականներով, բոլորն ալ տախտակէ խրճիթներու մէջ ու իրենց գլխուն վերեւ՝ թիթեղածածկ ժանգոտած տանիք մը։ Հոս էին նաեւ Ծառուկեանները։
Համատարած թշուառութեան խճանկար մըն էր թիթեղաւանը, ուր փոշին, աւազը, աղտեղութիւնը, տօթը, ցուրտը, արեւն ու անձրեւը զիրար կը հալածէին…։ Այստեղ կեանքը անտանելի կը դառնար մանաւանդ ձմեռը, երբ յորդառատ անձրեւը խրճիթներուն տանիքէն կաթկթելով ներս կը թափանցէր՝ խուճապ ստեղծելով։ Ծառուկեան պատկերալից ոճով հետեւեալը կը պատմէ.
- …Մայրիկիս հետ թասեր եւ ամաններ կը զետեղէինք կաթուկներուն տակ, հսկելով որ թասերը թափենք լեցուելէ առաջ։ Առաջին կաթիլները թասին մէջ կ՚իյնային չոր հատիկներով - «թը՚ք, թը՚ք»։ Քիչ մը ջուր հաւաքուելէ ետք - «լը՚փ, լը՚փ», մինչեւ որ դառնար թաւ ու լայնահունչ «պլո՛մպ, պլո՛մպ»ը, ինչ որ կ՚ազդարարէր թէ ամանը լեցուելու վրայ է եւ պէտք է պարպուի…։
Այս արգահատելի վիճակը, բարեբախտաբար, երկար պիտի չտեւէր։
Բարերար ձեռք մը, փրկարար լաստի նման, պիտի ազատէր զիրենք Կիւրինցիներու Քէմփէն ու բերէր տեղաւորէր Հալէպի կեդրոնական Պապ Էլ Ֆարաճի հրապարակին վրայ գտնուող կոկիկ պանդոկի մը… տանիքը։
Պանդոկը կը կոչուէր «Օթէլ Մարսիլիա», իսկ փրկիչը՝ Մամբրիէլեան Միհրան էֆէնտի։ Ան փափաքած էր, որ տիկ. Երանուհին (Անդրանիկին մայրիկը, որ իբրեւ լուացարարուհի կը ծառայէր հոն) այլեւս օրն ի բուն իր գործին գլուխը մնայ, եւ ուրեմն՝ մնայուն կայք հաստատէ պանդոկին մէջ։ Այս նպատակով, պանդոկին տանիքը փայտեայ խնամեալ սենեակ մը շինուած էր իրենց համար։ Մայր ու որդի այնտեղ պիտի ապրէին լմա՛ն տասը տարի։
Իր «Երազային Հալէպը»ին մէջ Ծառուկեան երկա՜ր-երկա՜ր պատմած է Միհրան էֆէնտիին սխրագործութիւններուն մասին։ Սեբաստիոյ Աշոտի գիւղէն, անուս բայց բնածին սուր ուշիմութեամբ օժտուած ձեռներէց ու ճարպիկ մարդ մը եղած էր ան։ Պանդոկավարութեան ասպարէզին մէջ ի վերուստ կոչեցեալ մը, որ տասնամեակներու երկայնքին տասէ աւելի պանդոկներ պիտի հիմնէր ու բանեցնէր՝ Հալէպէն մինչեւ Լեռնալիբանան ու Պէյրութ, բոլորն ալ տնտեսապէս քաջառողջ եւ ծաղկուն…։
Միհրան էֆէնտիին հայրական հոգածութեան տակ՝ պիտի կազմաւորուէր պատանի Անդրանիկը…։

***
Քսանական թուականներուն Հալէպի ամենէն նշանաւոր հայկական վարժարանը Հայկազեանն էր։ Ու Ծառուկեանն ալ աշակերտ դարձաւ այնտեղ՝ իր ծոծրակին վրայ զգալով բարերար շունչը պատկառելի ուսուցիչներ Կարապետ Իւլիւպէյեանին, Միհրան Աճէմեանին, Միսաք Սիսեռեանին, Եդուարդ Ոսկերիչեանին (ապագայ Մաշթոց քահանան) ու Եդուարդ Տասնապետեանին։
Նախակրթարանի Բ. կարգի գրասեղաններուն վրայ իսկ զգալի էր՝ որ Անդրանիկ «գիրի ու գիրքի մարդ» էր։ Դպրոցական իր պայուսակին մէջ անպակաս էին ակումբի գրադարանէն վարձուած գիրքեր, զորս կ՚ընթերցէր դասարանէն ներս գաղտուկ՝ յագեցած չըլլալով տունը իրագործուած երկարատե՜ւ ընթերցումներէն։ Ինք է, որ կու տայ սա շահեկան վկայութիւնը.
- Նախակրթարանի երկրորդ դասարանէն սկսեալ, եւ ամբողջ երկու տարի, լափելով կը կարդայինք ոստիկանական վէպեր։ Առաջին հերոսներս եղած են Նիք-Քարթըր, Նաթփինքերթըն եւ Շերլօք Հօլմս, մինչեւ որ բացուած է Րաֆֆիի հերոսական աշխարհին դուռը։ Արգիլուած էին այդ գիրքերը, խիստ պատիժ կար անսաստողներուն, բայց ուսուցիչները քիչ անգամ կը յաջողէին յանցաւոր մը բռնել իր յանցանքին փաստ ծառայող գիրքով միասին։ Մեր կարդացած արկածախնդրական գիրքերէն բան մը սորված էինք անշուշտ, անվտանգ անցընելու համար անակնկալ խուզարկութիւններու փորձանքը։ Շատ անճարակ մէկը ըլլալու էր, որպէսզի ձեռք տար օձիքը եւ ուսուցիչը թաթը նետածին պէս գտնէր ու դուրս հանէր պատկերազարդ կողքով Նիք-Քարթըրը աշակերտական պայուսակէն։ Տարրական խոհեմութիւնը կը պահանջէր, որ նոր պրակը ստացուածին պէս կապոյտ կողք մը անցուի եւ վրան գրուի…«Թուաբանութիւն»։
Այլեւս ապահով կարելի էր կրել արգիլեալ ապրանքը միւս տետրակներուն հետ եւ նոյնիսկ, դասի պահերուն,- մանաւանդ ամենէն ապուշ եւ անիմաստ դասին, որ, ըսելը աւելորդ է, Թուաբանութիւնն էր,- կարդալ ուսուցչին քիթին տակ, առջեւդ նստողը պատնէշ ըրած, գիտնալու համար թէ սադայէլական հանճարով օժտուած Նիքը ի վերջոյ ի՞նչպէս պիտի ձերբակալէ Օնթարիոյ Լիճին աւազակները… («Հին երազներ, նոր ճամբաներ», էջ 81)։
Երբ հասաւ նախակրթարանի Ե. կարգ, մեր գրասէր տղան իր դասակիցներուն կողմէ «դասարանին բանաստեղծը» հռչակուած էր արդէն։ Իր իսկ խոստովանութեամբ՝ «թուաբանութեանս տետրակները միշտ մաքուր մնացած են անթիւ զերոներով։ Պարապը միշտ լեցուցեր եմ ոտանաւորներով»…։ Այս պարագան չէր կրնար աննշմար անցնիլ իր ուսուցիչներուն սուր տեսողութենէն։ Ի զուր չէ, որ Հայկազեանը աւարտելու անմիջական նախօրէին, Պ. Եդ. Տասնապետեան պաշտօնապէս պիտի յայտնէր իրեն դպրոցին տեսչութեան որոշումը՝ զինք Պէյրութ ուղարկելու, որպէսզի սան դառնար այնտեղ՝ նորաբաց Հայ Ճեմարանին։
1930ն է։ Ուսման եւ ապագայ կեանքի բոլորովին նոր հորիզոն մը բացուած էր իր առջեւ Պէյրութի մէջ։
Լեւոն Շա՜նթ, Նիկոլ Աղբալեա՜ն եւ Ճեմարանի այդ շրջանի անկրկնելի մթնոլորտը, տեսակ մը հոգեմտաւոր քուրայ, որուն մէջ կը կոփուէն հոն մէկտեղուած հայ տղաքը՝ կրթական, դաստիարակչական եւ գաղափարական երրեակ գետիններու վրայ։
Պէտք է շեշտել, որ 1930-39 երկարող տասնամեակը առաջին կարեւոր դարձակէտն է Ծառուկեանի կեանքին մէջ։ Թէ՛ Ճեմարանի ուսման ընթացքը, թէ՛ լրագրական մարզէն ներս իր հաստատուն եւ լուրջ քայլերը, թէ՛ ալ իր գրած ու հրատարակած առաջին երեք գիրքերը՝ բոլո՛րն ալ կ՚իյնան այս նոյն տասնամեակի ժամանակամիջոցին մէջ։
Արդարեւ, դեռ Ճեմարանի գրասեղաններուն ետին էր, երբ 1932-ին տպուեցաւ իր առջինեկ գիրքը՝ «Եղերաբախտ քերթողներ»ը, Վ. Խաժակ գրչանունով։ Գրավերլուծական փորձ մըն էր, ուր լուսարձակի տակ կ՚առնուէին չորս վաղամեռիկ բանաստեղծներ,- Պետրոս Դուրեան, Միսաք Մեծարենց, Մատթէոս Զարիֆեան եւ արեւելահայ ճակատէն՝ Վահան Տէրեան։ Այս առթիւ է, որ առածի կարգ պիտի անցնէր իր սրամիտ մէկ արտայայտութիւնը.- «Հայ բանաստեղծները երկու թշնամի ունեցած են՝ Թուրքը եւ թոքախտը»…
Ծառուկեան սկսեր էր նաեւ կանոնաւոր աշխատակցութիւն բերել «Ազդակ» օրաթերթին՝ տարաբնոյթ յօդուածներով, թարգմանութիւններով ու բանաստեղծութիւններով (այս վերջիններուն տակ՝ կը սիրէր օգտագործել «Վ. Տէրունեան» ծածկանունը)։ Թերթին հիմնադիր-տնօրէնը՝ Հայկ Պալեան, քաջալերելու համար զինք, երբ առաջին 5 ոսկինոցը սեղմեր էր 18 տարեկան իր երիտասարդ աշխատակիցին ափին մէջ, կարեւորութեամբ նկատել տուած էր.
- Չկարծես թէ գրութիւններուդ համար է։ Աշխատակիցներուն վճարելու սովորութիւն չկայ։ Ուսանող ես, անոր համար…
Ու Ծառուկեան, այս առթիւ, իրեն յատուկ զուարթախոհութեամբ կը խորհրդածէր.- «Բայց հինգ ոսկին, այն ատեն մէկ օսմանեան ոսկի կ՚արժէր։ Կրնայիր այդ դրամով սինեմա երթալ՝ քսան անգամ, ֆուլ ուտել՝ տասը անգամ եւ աղջիկ մըն ալ թաքսիով տեղ մը տանիլ-բերել…մէկ անգամ…» («Երազային Հալէպը», Ա., էջ 24)։
1935ին, դարձեալ Վ. Խաժակ ծածկանունով՝ հրապարակ կը հանուէր «Մոխրաման»ը, Պէյրութ։ Երգիծախառն շունչով գրուած 80 էջանի աղմկաբեր ու վիճայարոյց վիպակ մը, ըստ ոմանց՝ պարսաւագրութիւն մը իր ուսուցիչներուն դէմ (զրոյցներ կը շրջին այն մասին՝ թէ այս գիրքը ատենին հաւաքուեր է հրապարակէն։ Իրապէս ալ, այսօր, հանրային գրադարաններու մէջ անոր հետքը կարելի չէ գտնել)։
Բոլորովին այլ գոյն ու արժէք ունէր սակայն իր յաջորդ գիրքը՝ «Առագաստներ»ը։ Չափածոյ ստեղծագործութիւններու փոքրամարմին հատոր մը, որ լոյսին կու գար 1939ին, Հալէպ։ Հոս, Վ. Խաժակը այլեւս իր տեղը թողած էր 26 տարեկան հասուն բանաստեղծ Անդրանիկ Ծառուկեանին, որ կու գար թակել դռները Պառնասի, այնտեղ փնտռելու համար իր Մուսաները…։

***
Բ. Աշխարհամարտի ամենէն թէժ օրերուն, 1941ի վերջերը, Ծառուկեան «խենթութիւն» մը կ՚ընէր,- միայնակ (ու յենլով ուսուցիչի իր համեստ ռոճիկին վրայ) կը ձեռնարկէր զուտ գրական պարբերաթերթի մը հրատարակութեան։
Լոյս աշխարհ կու գար համբաւեալ «ՆԱՅԻՐԻ» ամսագրին առջինեկ թիւը, Հալէպ։
«Նայիրի»ով Ծառուկեան կը կենսագործէր երեք գլխաւոր դիտումներ։
Ամէն բանէ առաջ, ան կ՚իրագործէր վաղեմի երազ մը՝ ունենալու սեփական բեմ ու ամպիոն, ուր կարենար արտայայտել իր գրական համոզումներն ու հայեացքները՝ անկաշկանդ եւ ազատ կերպով։
Ապա, ան իր պարբերականը կը դարձնէր հիւրընկալ երդիք մը, ուր կրնային մտնել ու քով-քովի նստիլ բոլո՛ր ճակատներու բոլո՛ր շնորհալի գրողները հաւասարապէս, ծայրայեղ ձախակողմեանէն մինչեւ ամենաթթու աջակողմեանը…։
Ու վերջապէս, իր թերթով, Ծառուկեան գոհացում կու տար գրասէր բազմութիւններու պահանջին՝ աշխարհագրական շրջագօտիի մը մէջ (Սուրիա-Լիբանան), ուր զուտ գրական հրատարակութիւններ գրեթէ չկային։
Արդարեւ, ի բաց առեալ ՀԵԸ-ի գրասէր երիտասարդներուն կողմէ 1939էն ի վեր Պէյրութ հրատարակուող «Ծիածան» պարբերաթերթէն (զոր կը խմբագրէր Բիւզանդ Եղիայեան), ու Վազգէն Այգունիի «Հայ Գիր» ամսաթերթէն, հրապարակի վրայ գրական մամուլ չկար։ Քիչ մը ժամանակ պէտք է անցնէր, որ «Նայիրի»ին յաջորդէին նախ Հայ Ճեմարանի շրջանակին «Ակօս»ը՝ 1944ին, այնուհետեւ ալ Վահէ-Վահեանի «Անի» ամսագիրը՝ 1946ին, երկուքն ալ Պէյրութ։
«Նայիրի»ի խմբագիրը ունէր յստակ առաջադրանքներ։ Երբ 1945ին պարբերականը որոշ կաղացումներէ եւ ընդհատումներէ ետք կը փոխակերպուէր ամսագրի, ան կը գրէր. «Ամիսը տետրակ մը հրատարակելով, հայ գրականութիւնը հարստացնել կարծող տղեկներու երջանիկ ինքնաբաւութիւնը մերը պիտի չըլլայ։ Գիտենք թէ ի՚նչ կ՚ընենք, ինչո՚ւ կ՚ընենք եւ ի՛նչպէս կ՚ընենք»։
«Նայիրի»ի էջերուն վրայ Ծառուկեան կոփեց ինքզինք մասնաւորաբար իբրեւ գրական դատաւոր, գրաքննադատ։ «Հաշուեյարդար» խորագրով իր մնայուն սիւնակը, ակնյայտ հետեւողութեամբը Յ. Օշականի նշանաւոր «Հարթենք»ներուն, ուրիշ բան չէր եթէ ոչ գրական… սպանդանոց մը, ուր մորթազերծ կ՚ըլլային անտաղանդ գրիչներու նոյնքան արժեզուրկ գիրքերը…։ Յաճախ, ան կ՚ունենար սուր բանավէճեր ալ՝ յայտնի դարձնելով իր «կռուասէր» նկարագիրը, եթէ ներելի է այդպէս բնորոշել։
Ճիշդ է, որ «Նայիրի»ն նոր դէմքեր չկրցաւ յայտնաբերել, սակայն իրողութիւն է՝ որ Միջին Արեւելքի գրական հրապարակը գէթ տասնամեակ մը «Նայիրի»ի շնորհիւ մնաց աշխոյժ ու ստեղծարար։

***
«Նայիրի»ն ու անոր երիտասարդ խմբագիրը գրական շրջանակներու մէջ արդէն իսկ տոկուն անուն մը սկսեր էին շինել, երբ 1945ին Ծառուկեան ռումբ մը պայթեցուց՝ լոյս ընծայելով իր «Թուղթ առ Երեւան»ը, Հալէպի մէջ։
Երկարաշունչ բանաստեղծութիւն մըն էր ասիկա, պոէմ մը, որ գրի առնուած էր իբրեւ պատասխան՝ Հայաստանէն Գէորգ Աբովի մէկ ոտանաւորին։
Ո՞վ էր Գէորգ Աբով, ի՞նչ գրած էր իր խնդրայարոյց ոտանաւորին մէջ, եւ ինչո՞ւ Ծառուկեան հարկ տեսաւ այսպիսի արտասովոր ու երկարապատում պատասխան մը տալ անոր,- այս բոլորը քառասնական թուականներու Սփիւռքի մեր ազգային-գաղափարական եռեւեփումներուն մաս կը կազմեն, հոգ չէ թէ դէպքերն ու դէմքերը շղարշուած ըլլան գրական ծածկոյթի մը տակ…։
Շուրջ 70 տարի անցեր է «Թուղթ առ Երեւան»ի… ռմբահարութենէն։
Ու շատեր, հաւանաբար, ո՛չ մէկ գաղափար ունին՝ թէ ի՞նչ անցաւ-դարձաւ այդ օրերուն։ Ուստի, ամփոփենք պատահածը կարելի խտութեամբ.-
1944ին Երեւանէն արտասահման հասաւ ոտանաւոր մը՝ «Մենք չենք մոռացել» խորագրով։ Հեղինակ՝ Գէորգ Աբով։ Այդ օրերուն՝ մեծ անծանօթ մը. աւելի ուշ պիտի պարզուէր, որ ան Թիֆլիս ծնած գրականագէտ մըն էր, Մատենադարանի տնօրէն, քանի մը գիրքի հեղինակ, եւ անշուշտ՝ զտարիւն կոմունիստ մը…։
Գէորգ Աբով իր ոտանաւորին մէջ (որ, ի դէպ, գեղարուեստական ամենադոյզն արժանիքէ զուրկ շարադրանք մըն էր), շատ ծանր ու հայհոյալից ամբաստանութիւններ կ՚ընէր սփիւռքեան մեր կուսակցութիւններէն մէկուն հասցէին՝ այդ կուսակցութեան հետեւորդները կոչելով… շուն («դաշնակ շներ…»)։
Ահա այս ոտանաւորին դէմ է, որ իր ընդվզումը կ՚արտայայտէր Ա. Ծառուկեան՝ մէկ կողմէ դատապարտելով Գ. Աբովի ու անոր նմաններուն շիլ եւ անարդար
կեցուածքը մեր պատմութեան մօտիկ անցեալի դէպքերուն կամ դերակատարներուն մասին, միւս կողմէ ալ՝ վեր առնելով ու ջատագովելով «շուն» կոչուած այդ մարդոց անուրանալի զոհողութիւնները Հայոց Պատմութեան անկիւնադարձային պահերուն, ու մասնաւորաբար՝ ազգային-ազատագրական պայքարի բնագաւառէն ներս։
Ծառուկեան 31 տարեկան էր (եւ Դաշնակցութեան շարքերէն ներս պատասխանատու դիրքի վրայ)՝ երբ գրի կ՚առնէր իր «Թուղթ»ը։ Ու զարմանալին այն է, որ «Թուղթ»ը գրի կ՚առնուէր սահուն ու վճիտ արեւելահայերէնով մը, հաւանաբար աւելի հասկնալի ըլլալու համար Աբովին եւ իւրայիններուն…։ Առաւել եւս՝ գրի կ՚առնուէր ընդամէնը քանի մը օրուան ընթացքին…։
Ամիսներու երկայնքին, հարիւրաւոր յօդուածներ ու գրախօսականներ պիտի գրուէին այս բախտաւոր հատորին մասին։ Սփիւռքի թերթերը պիտի ողողուէին թեր ու դէմ կարծիքներով։ Ժամանակաշրջանի ընկալեալ բարքերուն համաձայն՝ գնահատումները պիտի կատարուէին կուսակցական դիրքերէ եւ կուսակցական… ակնոցներով։ Գրական ու ոչ-գրական հրապարակին վրայ, ամիսներ շարունակ, օրուան թիւ 1 օրակարգը «Թուղթ»ը պիտի մնար ու անոր հեղինակը։ Ակումբներու կամ դպրոցներու մէջ շատեր գոց պիտի արտասանէին «Թուղթ»էն լայն հատուածներ։ Իսկ զանազան գաղութներու մէջ հրատարակչատուներ իրարու հետ մրցումի պիտի ելլէին՝ բանաստեղծական այս հատորը վերատպելու համար…։
Արտայայտուած բոլոր կարծիքներուն մէջ սակայն ամենէն վճռականը Յակոբ Օշականինն էր։ Արդարեւ, մեծանուն գրադատը, որ այդ շրջանին Երուսաղէմ կը մնար, լման գիրքի մը տարողութեամբ համապարփակ ու լայնաշունչ վերլուծական մը պիտի գրէր «Թուղթ առ Երեւան»ի մասին, բերէր հեղինակաւոր գրականագէտի իր տեսակէտը՝ «Վկայութիւն»ը, ու Ծառուկեանը համարէր «Սփիւռքի առաջին տաղանդաւոր եւ իրա՛ւ բանաստեղծը»
 
Գ.
Թող չկարծուի սակայն, թէ այսքան աղմուկ բարձրացուցած ու աւելի քան տասն անգամ վերատպութեան արժանացած այս պոէմը հերքումի չափածոյ գեղեցիկ թուղթ մըն էր միայն՝ Գէորգ Աբովին լուտանքին դիմադարձող ու անոր ամբաստանութիւնը ջրող։ Ո՛չ։ Անիկա անկասկած շա՛տ աւելին էր, մասնաւորաբար իր բովանդակութեան երկրորդ մասով, ուր ազգային-քաղաքական ուշագրաւ դիտարկում մը կը բանաձեւուէր, եւ որ յետագայ տարիներուն գաղափարախօսական անշեղ ուղղութիւնը պիտի դառնար հրապարակագիր ու մտաւորական Անդրանիկ Ծառուկեանին։ Չմոռնա՛լ, որ «Թուղթ»ի գրառման շրջանին Ծառուկեան կուսակցական գործիչ մըն էր, եւ ներքին օրէնքներով՝ ենթակայ կը մնար գաղափարական որոշ ուղղութեան մը։ Ու այս կէտն է, որ կ՚աւելցնէր «Թուղթ»ին տեսական ու որակական արժէքը…։
Արդարեւ, պոէմին վերջին էջերուն մէջ, Ծառուկեան այլեւս կը մոռնար Աբովն ու անոր «շուն»երը եւ հայեացքը կը դարձնէր դէպի Երեւան, մայրաքաղաքն Հայոց։ Վառ ու շռայլ գոյներով, արտակարգօրէն տպաւորիչ պատկերներով եւ միանգամայն բանաստեղծական հզօր ու հրաբխային թափով՝ կ՚արտայայտէր նժդեհ բանաստեղծի հայրենակարօտ իր զգացումները Հայաստանի մայրաքաղաքին նկատմամբ։ Կը հասկցնէր, թէ բնաւ ոխ կամ վերապահութիւն չունի Խորհ. Հայաստանի հանդէպ, ոչ ալ այնտեղ տիրող կարմիր վարչակարգը պատճառ կրնայ դառնալ, որ ինք կռնակ դարձնէ հայրենի հողին ու երկրին։

Կը գրէր.
«Հէյ ջա՜ն Երեւան,
Ձմեռների դէմ միշտ դալա՛ր մնաս
Ու պայքարներում մնաս յաղթական,
Բռունցքդ չարին լինի պատուհաս,
Եւ զաւակներիդ համար հեռաւոր
Դու լայնաբաց գի՚րկ դառնաս մայրական
Եւ հեռուներից երգես մեզ օրօր՝
Հէյ ջա՜ն Երեւան…

Հէյ ջա՜ն Երեւան,
Օրերդ անցնին ծափով ու երգով,
Օրօրոցներիդ վերեւ ապագան
Լինի գարնանային մեղմ ու անոյշ հով.
Քրտինքդ հողիդ օրհնութիւն դառնայ,
Հողդ ոսոխիդ դառնայ գերեզման,
Ու վիշտը սրտէդ ընդմիշտ բացակայ՝
Հէյ ջա՜ն Երեւան…

Հէյ ջա՜ն Երեւան,
Դրօշդ ձեռքիդ միշտ ամուր բռնես,
Մեծ երազը մեր անվթար պահես,
Գալիքն անցեալին զօդող կապ լինես,
Լոյսի ակերից անյագուրդ ըմպես,
Նայուածքիդ հուրով չարքերը վանես
Ու հողմերի դէմ անխորտակ կանգնես՝
Հէյ ջա՜ն Երեւան»։

Ընթերցողը թող ներողամիտ ըլլայ, եթէ չբաւարարուիմ այսքանով ու անգամի մը համար զանցելով պատշաճութիւնները՝ արտագրեմ շարունակութիւնը եւս, որ պոէմին վերջաբանն է արդէն։ Ինչպէս յստակօրէն նկատելի է, խորունկ ու անխարդախ սէր մը կ՚արտայայտէ բանաստեղծը իր հայրենի հողին նկատմամբ, կը գիտակցի անոր յաւերժական արժէքներուն ու հազա՛ր բարիք կը ցանկայ իրեն։ Կ՚ակնկալէ նաեւ, որ հայրենիքը իր դռները բանայ պանդուխտ իր որդիներուն առջեւ ու տունդարձի ճամբան ցոյց տայ անոնց։ Բան մը, որ իրականութիւն պիտի դառնար շատ շուտ՝ 1946-47ի մեծ ներգաղթով.

«Հէյ ջա՜ն Երեւան,
Հող բռնես ձեռքիդ ու դառնայ ոսկի՚,
Ծիլ տնկես արտիդ ու դառնայ կաղնի՚,
Շրթունքդ արեւի ակունքին հասնի,
Արմատըդ հողի ընդերքից անցնի,
Աչքերիդ շողից լուսինը խամրի,
Հրճուանքդ մնայ, թախիծդ մեռնի՝
Հէյ ջա՜ն Երեւան…

Հէյ ջա՜ն Երեւան,
Դարերի դիմաց միշտ կանգուն կենաս,
Ու բախտի կոչին յար արթուն մնաս,
Լուսաւոր ճամբէդ անվարան գնաս,
Նախանձ աչքի դէմ ծակող փո՚ւշ դառնաս,
Սիրտդ աշխարհին որպէս վարդ բանաս,
Մէկով ցանք անես, հազարով բառնաս՝
Հէյ ջա՜ն Երեւան…

Հէյ ջա՜ն Երեւան,
Մի վայրկեանի մէջ օրով կանաչես,
Տիեզերքի դէմ փառքով ճաճանչես,
Մեր արցունքի մէջ հոգիդ ճանաչես,
Հոգուդ ժպիտով մեր վիշտը ջնջես,
Մի օր էլ դարձի շեփորը հնչես
Եւ պանդուխտներիդ հայրենիք կանչես՝
Հէյ ջա՜ն Երեւան…»

***
Գէորգ Աբով-Անդրանիկ Ծառուկեան այս «բանաստեղծական» նշանաւոր վէճը ունեցաւ նաեւ իր զուարճալի դրուագները։
Ամենէն հետաքրքրականը, թերեւս, երկուքին անակնկալ հանդիպումն էր Երեւանի մէջ, «Թուղթ»ի հրատարակութենէն շուրջ մէկուկէս տասնամեակ անց։
1958ին Հայաստան կատարած իր անդրանիկ այցելութեան ընթացքին, Ծառուկեան բազմիցս դէմ յանդիման կը մնար արդէն մտաւորականներու ու գրողներու թափանցիկ ակնարկութիւններուն՝ երբ անոնք հարց կու տային իրեն.
- Տեսա՞ր բարեկամդ…
Մերթ կատակով, մերթ ալ խորհրդաւոր ու չարախինդ ժպիտներու ուղեկցող այսպիսի հարցումներու դիմաց՝ մեր բանաստեղծը, պահ մը միամիտ ձեւանալով, իր կարգին հարց կու տար.
- Բարեկա՞մս…, որո՞ւ մասին է խօսքը…։
- Բա չե՞ս հասկանում, քո միա՛կ բարեկամը՝ Գէորգ Աբովը…։
Օր մըն ալ, Գրողներու Տան մէջ, վարչութեան քարտուղար Էդ. Թօփչեան անակնկալօրէն դէմ դիմաց կը հանէ երկու վաղեմի «ոսոխ»ները ու կը յաջողցնէ անոնց…ձեռքսեղմումը։
Երկուքն ալ շշմած էին ու կարկամած։ Ի վերջոյ, Աբովը կ՚ըլլայ առաջին խօսողը.
- Քո գրքի մէջ, մի տեղ ասել ես՝ «երջանի՜կ Աբով»։ Հիմա որ էստեղ ես, կարող ես տեսնել, երջանի՞կ ենք թէ ոչ…
Յետոյ, պահ մը ետք հարց կու տայ.
- Նոր բանաստեղծութիւն գրո՞ւմ ես…։
- Նոր ներշնչում չկայ այլեւս,- սրամտօրէն կը պատասխանէ Ծառուկեան…
Աբով-Ծառուկեան հակադրութեան մասին շահեկան անդրադարձ մը ունի նաեւ լիբանանահայ ծանօթ մտաւորական Լեւոն Վարդան։
Ան կը պատմէ, որ 1963ին Երեւանի մէջ հանդիպեցաւ Գէորգ Աբովին եւ փորձեց խօսեցնել զինք՝ Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան»ին մասին։ Բայց Աբով յամառօրէն մերժեց արտայայտուիլ եւ բաւականացաւ միայն ըսելով՝ թէ «Ծառուկեանը տաղանդաւոր մի սրիկայ է»…

***
«Թուղթ առ Երեւան»ը, իրաւամբ, «թռչող գորգ»ը դարձած էր Անդրանիկ Ծառուկեանին։ Ա՛լ այս անունին անծանօթ մարդ մնացած չէր՝ ո՛չ Սփիւռքի եւ ո՛չ ալ Հայաստանի գրական կամ գրասէր շրջանակներուն մէջ։ Անծանօթ Գէորգ Աբով մը իր անարժէք մէկ ոտանաւորով անուղղակիօրէն պատճառ դարձեր էր, որ փայլի կիւրինցի մեր երիտասարդ բանաստեղծին աստղը…։
Բ. Աշխարհամարտը նոր աւարտեր էր, «Նայիրի»ի հրատարակութիւնը աւելի կանոնաւորուեր էր (պարբերաթերթը վերածուեր էր ամսագիրի), Ներգաղթի կարաւանները կը պատրաստուէին Հայաստան մեկնիլ, երբ Ծառուկեան գրական հրապարակին օրակարգին բերաւ Գաղութահայ Գրողներու Համագումար մը կազմակերպելու առաջարկը։
Գաղափարը ծնունդ կ՚առնէր 1946 Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ գումարուած Սովետահայ Գրողներու Բ. Համագումարէն, որուն հրաւիրուած ու իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Սփիւռքէն որոշ գրողներ ալ, բացառաբար՝ «յառաջդիմական» ճակատէն կամ «հայաստանասէր» որակուած շրջանակներէ։ Հրաւիրեալներէն մին՝ բանաստեղծ Վահէ-Վահեան, Պէյրութ վերադարձին, «Անի» ամսագրին մէջ արդէն իսկ սկսեր էր հրատարակել երեւանեան իր խանդավառ տպաւորութիւնները՝ «Յարալէզներու հաշտութիւնը» խորագրով։
Եւ որովհետեւ «ոչ-հայաստանասէր» գրողներէն ոեւէ մէկը հրաւիրուած չէր Երեւանի համագումարին, «Նայիրի»ն աններելի անարդարութիւն մը կը տեսնէր այդ վերաբերումին մէջ։ Ատիկա սրբագրելու համար ալ՝ հարկ կը սեպէր կազմակերպել ու կայացնել Գաղութահայ Գրողներու Համագումար մը։
Ամբողջ երկու տարի «Նայիրի» հետեւողականօրէն ու եռանդով զբաղեցաւ այս հարցով։ Դիւրին ծրագիր մը չէր սակայն առաջադրուածը։ Կային տնտեսական լուրջ դժուարութիւններ, հովանաւոր մարմին մը ճշդելու անորոշութիւններ, վայրի, տեղի, մասնակիցներու ճամբորդութեան ու կեցութեան հարցեր…։ Ի վերայ այսր ամենայնի՝ կար միջ-կուսակցական անհաշտ պայքարի մթնոլորտը, որ կը խանգարէր շատ բան։ Արդարեւ, մինչ կուսակից թերթեր անվերապահօրէն կ՚ողջունէին «Նայիրի»ի ծրագիրը, հանդիպակաց ճակատի հայ մամուլը թոյն կը թափէր Ծառուկեանին գլխուն ու անոր ծրագրին մէջ ուրիշ բան չէր տեսներ՝ եթէ ոչ հակա-հայաստանեան նոր ցոյց մը…։ «Պէտք է ձախողութեան մատնուի անջատողական-դաւադրական այս փորձը», կը գրէր, զորօրինակ, Գահիրէի ռամկավար «Արեւ»ը։ Իսկ Պէյրութի «Ժողովուրդի Ձայն» համայնավար թերթը համոզուած էր, որ «դաշնակ շէֆերը, նկատելէ յետոյ թէ քաղաքական գետնի վրայ այլեւս անհնար է պայքարիլ Հայրենիքի եւ Հայրենադարձի շարժման դէմ, այժմ պայքարը փոխադրած են գրական գետնի վրայ»։
Իսկ Ծառուկեան ընկրկիլ կամ նահանջել չէր ուզեր։ Իբրեւ սաստ ու պատասխան իր բոլոր ընդդիմախօսներուն, «Նայիրի»ի 1947 Յուլիսի թիւին անուանաթերթին վրայ իսկ կը գրէր.- «Ի հեճուկս ՚՚յառաջդիմական՚՚ կոչուած թերթերու եւ գրչակներու վլվլուկին, հակառակ նիւթական ամէն կարգի դժուարութեանց, կայացնել, անպայմա՚ն՝ Գաղութահայ Գրողներու Համագումարը»։
Վե՜րջապէս, կայացաւ անշուշտ այդ համագումարը։ Սակայն, անյաղթահարելի դժուարութեանց պատճառով, կարելի եղաւ մէկտեղել լոկ Միջին Արեւելքի գրողները , այն ալ՝ ատոնց մէ՛կ ճակատը միայն…։
Համագումարին մասնակից գրողները հաւաքուեցան Լեռնալիբանանի Շթորա գիւղին մէջ, 1948 Սեպտեմբեր 18-20ին։ Բայց կը թուի թէ… լեռը մուկ մը ծնաւ։ Համագումարը իր նախնական առաջադրանքներուն մէջ ձախողեցաւ, որովհետեւ նախ չյաջողեցաւ Գրողներու Միութիւն մը կազմել, յետոյ չկրցաւ իրականացնել հրատարակչատան մը իր ծրագիրը, նոյնիսկ չկրցաւ ունենալ իր շարունակութիւնը…

Դ.
Հիմա Հալէպը մեր ետին թողլով՝ պիտի անցնինք Պէյրութ։
Լիբանանի մէջ, բոլորովին նոր հանգրուան մը պիտի թեւակոխեն «Նայիրի»ն ու անոր խմբագիրը։
Ծառուկեանի նման ուժեղ անհատականութիւն մը, անզուսպ խառնուածքի եւ յախուռն բնաւորութեան տէր գրող մը, բնականաբար, պիտի չկարենար «խելօք» նստիլ ու գամուած մնալ Հալէպի պահպանողական (ու որոշ չափով անազատ) պայմաններուն մէջ։ Դեռ աւելին, Ծառուկեան այլեւս սկսեր էր չգոհանալ գրական ամսագրի մը ընձեռած սահմանափակ կարելիութիւններով։ Ան կը ցանկար ու կը հետապնդէր շա՜տ աւելին…։
Ուստի, «Նայիրի»ն Պէյրութ փոխադրուեցաւ 1951ին ու կարճ ժամանակ յետոյ վերածուեցաւ շաբաթաթերթի։
Շաբաթաթերթ «Նայիրի»ի Ա. թիւը լոյս տեսաւ 1952 Օգոստոս 31ին։ Թերթը այլեւս զուտ գրական չէր, այլ՝ «ազգային-գրական», ինչ որ կը նշանակէր, թէ կարկինը լայն պիտի բացուէր մեր ժողովուրդը յուզող հարցերուն վրայ։ Իսկ այդ հարցերը, յիսունական թուականներու այդ օրերուն, շա՜տ էին ու շարունակ շատնալու հակամէտ…։
«Նայիրի» շաբաթաթերթը իր երեւումին սկզբնական շրջանէն իսկ՝ տիրապետող եւ ուշագրաւ ներկայութիւն մը եղաւ մամլոյ հրապարակին վրայ, եւ կարճ ժամանակի մէջ՝ միջամտել սկսաւ ազգային-հասարակական կեանքին։ Ու քանի մը տարի անց, երբ պատահեցաւ «մեծ խզում»ը՝ ընդմէջ Ծառուկեանին ու իր պատկանած կուսակցութեան, «Նայիրի»ին առաքելութիւնը ծանրացաւ՝ կրկնակի պարտաւորութիւններով։ Ան դարձաւ ուրոյն կողմնորոշումի բեմ մը։
Դժուար տարիներ էին։ Էջմիածին-Անթիլիաս եկեղեցական սուր տագնապն ու անոր յաջորդող ազգային երկփեղկումը՝ իրերամերժ ու թշնամի ճակատներ ստեղծեր էր արդէն հայութեան ծոցին մէջ։ Ատոր վրայ բարդուեր էին նաեւ 1958ի միջ-կուսակցական եղբայրասպան կռիւները Լիբանանի մէջ՝ տասնեակներով հայ զոհերով…։
Հո՛ս է ահա, որ երկու թերթեր չափաւոր մօտեցում պիտի ցուցաբերէին եւ փորձէին հաշտարար դեր խաղալ ճակատող կողմերուն միջեւ,- Ծառուկեանի «Նայիրի»ն եւ Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք» շաբաթաթերթը։
«Նայիրի»ն, ուրեմն, հակառակորդ կողմերուն միջեւ կանգնած ԵՐՐՈՐԴ ՁԱՅՆ մըն էր։ Բայց ոչ թէ չէզոք ու կրաւորական ուղղութեան մը հետեւորդը, այլ ողջախոհութեան եւ տրամաբանութեան ձայնը. «ոսկի միջին»ի ձայնը։ Ի զուր չէ, որ ան համակիրներու կամ գաղափարակիցներու շատ լայն զանգուած մը պիտի համախմբէր իր շուրջ ու ժամանակի ընթացքին վերածուէր տեսակ մը Ազգային Հաստատութեան, որուն տեսակէտները նկատի կ՚առնուէին ու կշիռ կը ներկայացնէին՝ առնուազն կաթողիկոսարանի մը կամ կուսակցութեան մը պաշտօնական տեսակէտին հաւասար չափով, յաճախ ալ՝ ատոնցմէ աւելի՛…
Արտասովոր ու դժուար ժամանակաշրջան մըն էր։ Եւ Ծառուկեան, որքան ալ սիրուած ու ժողովրդային դէմք, շարունակ խութերու կը հանդիպէր իր ճամբուն վրայ։ Ահա՛ պատկեր մը՝ Պոսթընի մէջ իր տուած մէկ բանախօսութենէն։ Եղելութիւնը պատահած է 1954ին։ Ինք է որ կը նկարագրէ «Նայիրի»ի մէջ.
- «Դասախօսութիւն մը կ՚ուզենք ընել, առաջինը։ Ո՞ւր, ո՞ր սրահին մէջ։ «Հայրենիք»ի սրահը կայ անշուշտ, բայց այնտեղ «միւսները» չեն գար, իսկ մենք կ՚ուզենք, որ «անոնք» ալ լսեն։ Ինչպէ՞ս ընել։ Թորգոմ վարդապետ Փոսթաճեանը (այժմ աշխարհական) կը տրամադրէ Ուոթըրթաունի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ սրահը, որուն ինք աւագերէցն է։ Տոմսեր։ Ծանուցումներ։ Ու նաեւ, «Հայրենիք»ի սրահին մէջ, ծանուցումներու սեւ տախտակին վրայ, դասախօսութեան օրն ու ժամը, դասախօսին անունը, կաւիճով։ Երեկոյթէն քանի մը օր առաջ, յանկարծ, սեւ տախտակին գրուածը սրբուած է։ Ինչո՞ւ, հարց կու տանք ներկայ անձի մը։ Խոժոռ դէմքի մը պատասխանը.- «Ընկե՚ր, ռամկավարներուն սրահին մէջ խօսողին անունը այստեղ չի գրուիր…»։ Իրիկունը, Թորգոմին մօտ։ Երեսը կախ, մռայլ, քիչ մը ջղային։ Հոգաբարձական ժողովէ մը կու գայ։ Այնտեղէն ալ՝ ուրիշ նուագ։ Ըսուած է իրեն.«Այս մարդը դաշնակցական է, մեր սրահէն ներս չենք ուզեր…»։ Կացութի՜ւն մը։ Երկու աթոռներուն վրայ նստիլ փորձող մէկու մը վիճակը՝ որուն տակէն երկուքն ալ կը քաշեն։ Բայց Թորգոմը տեղի չի տար եւ հանդէսը կը կատարուի ճշդուած օրը։
Երեկոյթին գիշերը։ Սրահը լեցուն է, բերնէ բերան։ Բայց ժողովուրդը չէ շահեկանը, առջեւի երկու շարքերն են։ Երկայնքէն անցքով մը կիսուած սրահին առաջին նստարաններուն վրայ, երկու կողմերը բազմած են…կուսակցական ղեկավարները գրեթէ առանց բացառութեան։ Ռամկավարները՝ աջ, դաշնակցականները՝ ձախ։ Լուրջ, հանդիսաւոր, քիչ մը դժգոհ՝ նստած են ու կը նային իրենց առջեւ։ Ձախէն աջ կամ աջէն ձախ՝ ոչ մէկ ժպիտ, նայուածք կամ խօսք։ Իրարու չեն բարեւեր, չեն խօսիր, կը նային ուղիղ՝ դիմացի պարապութեան։ Բա՚յց…եկած են։
Համաստեղը, որ ներկայ է, կու գայ փսփսալու. «Քոտա՜ք մը ըլլար, ասոնց պատկերը քաշէինք։ Քսանհինգ տարիէ իվեր չտեսնուած պատկեր մը…»։ Իր ուրախութեան չափ չկայ։ Հարկ է ուրեմն, ի չգոյէ պատկերահան մեքենային, գոնէ պատկերազարդել իր գոհունակութիւնը.
- Գոլոմպոսի հաւկի՚թն է, Համաստեղ,հաւկի՚թը, եւ ուրիշ ոչինչ։ Ճիշդ է, որ Գոլոմպոս հաւկիթը տնկեց ծայրէն քիչ մը կոտրելով, բայց, տնկե՛ց։ Եթէ սա աջ-ձախ նստած քանի մը գլուխներն ալ իրարու զարնէինք, ոչ կոտրելու չափ, սանկ…կակուղցնելու աստիճան, հաւատա՚ որ մեր ազգային հաւկիթն ալ պառկած չէր մնար…»

***
«Նայիրի»ն ի՛սկապէս փնտռւած թերթ մըն էր։ Իր բաժանորդներն ու հետեւորդները անհամբեր կը սպասէին անոր շաբաթական թիւերուն՝ թէ՛ ըմբոշխնելու համար իրենց հրամցուած 8 էջերը ծայրէ ի ծայր, թէ՛ ալ իմանալու՝ թէ Ա. Ծառուկեան ինչե՞ր գրած էր օրուան ազգային հրատապ հարցերուն կամ երեւոյթներուն մասին։ Խմբագրին տեսակէտները, առհասարակ, կ՚ընկալուէին իբրեւ պատգամ ու արդար դատակնիք։
Բնական է, որ իր մեծաթիւ համակիրներուն զուգահեռ՝ «Նայիրի»ն ունենար նաեւ իր հակառակորդները։ Որովհետեւ Ծառուկեանի խայթող եւ հատու գրիչը, միշտ ու տեւաբար համեմուած՝ իւրայատուկ իւմուրով, հաճելի չէին ըլլար բոլորին։ Կարելի՞ բան էր, որ Ծառուկեան սիրուէր բոլորէն՝ երբ իր սուր գրչին տակ կը մերկացուէին շողոքորթներն ու չարամիտները, պատեհապաշտներն ու ստրկամիտները…։ Իրականութիւն է սակայն, որ Ծառուկեանի հակառակորդներն անգամ ուշադիր կը հետեւէին իր գրութիւններուն, յաճախ՝ գաղտնօրէն…։
Ծառուկեան, իբրեւ խմբագիր կամ հրապարակագիր, անընկճելի ու անպարտելի փօլէմիսթ մըն էր, բանավիճող մը։ Վա՜յ անոր, որ կը յաւակնէր եղջիւր ցոյց տալ «Նայիրի»ի խմբագրին…
Սակայն «Նայիրի»ն իր հազարաւոր ընթերցողները (որոնց երկու երրորդը կը գտնուէր Լիբանանէն դուրս՝ արտասահմանի մէջ) կը հմայէր ամենէն առաջ իր լեզուով, գեղեցիկ հայերէնով։ Ծառուկեանի լեզուն յղկուեր ու մշակուեր էր
անցեալ քսան տարիներուն՝ թէ՛ մամլոյ դաշտին վրայ ձեռք բերած իր լրագրական հարուստ փորձառութեամբ, թէ՛ Հալէպի «Արեւելք» օրաթերթին մէջ (որուն առաջին խմբագիրն եղեր էր 1946ին), թէ՛ ալ ամսագիր «Նայիրի»ի էջերէն։ Դպրոց մըն էր այդ հայերէնն ու ոճը։ Ու այդ ոճն ու լեզուական հարստութիւնը այնքան կատարելագործուած էին, որ Ծառուկեան դարձեր էր Սփիւռքի մեր այն հազուագիւտ գրողը՝ որ ունէր բարդ մտածումները պարզացնելու, յստակացնելու, զանոնք դիւրըմբռնելի ձեւով ընթերցողին փոխանցելու բացառիկ շնորհքը։ Ունէր վերլուծելու արտակարգ կարողութիւն եւ ընթերցողները տարհամոզելու ու իր ետեւէն քաշելու եզական ճարտարութիւն…։
«Նայիրի»ն Ա. Ծառուկեանին աշխարհն էր, իր ամէ՛ն ինչն էր։ Ան այնքա՜ն փարած էր իր թերթին, որ երբ աշխարհ եկաւ իր զաւակը (աղջնակ մը եւ՝ մի՛ակը)՝ զայն անուանեց Նայիրի…։
Տանս մէջ ունիմ «Նայիրի»ի շարք մը հաւաքածոներ, թիւ առ թիւ շարուած, ծալլուած ու պահարանի մը անկիւնը դրուած։
Տարին երկու-երեք անգամ տարօրինակ ու անդիմադրելի փափաքը կ՚ունենամ թերթատելու զանոնք։ Ուստի, դուրս կը բերեմ այլեւս դեղնած այդ թերթերը իրենց թմբիրէն եւ…կարդալ կը սկսիմ։ Փորձանաւոր արարք մըն է ասիկա ինծի համար, որովհետեւ ժամեր ու ժամեր կրնամ գլուխս հակած պահել այդ գունաթափ էջերուն վրայ, առանց երբեք զգալու՝ թէ օրը իրիկուն եղաւ կամ…անօթեցած եմ…։
Աստուա՛ծ իմ, որքա՜ն հետաքրքրական ու որքա՜ն շահեկան նիւթեր կան հոն։ Ու մանաւանդ՝ ի՜նչ անուններ իրենց ստորագրութիւններով կը փայլին այնտեղ.- Խոսրով Թիւթիւնճեան, Վահրամ Մավեան, Եդուարդ Պօյաճեան, Պօղոս Սնապեան, Անդրանիկ Սարեան, Սիրան Սեզա, Յակոբ Թորոսեան, Կարպիս Ջրբաշեան, Արշաւիր Գապպէնճեան, Մանասէ Սեւակ, բժ. Համբարձում Քէքլիկեան, Յարութիւն Զատկի, Մարզպետ Մարկոսեան, Թորոս Թորանեան, Բենիամին Նուրիկեան, Յ. Ճ. Սիրունի, Նշան Պէշիկթաշլեան, Զաւէն Վրդ. Չինչինեան, Նուպար Չարխուտեան, Արամայիս Սրապեան, Ստեփան Շահպազ, Արա Գալայճեան, Հրաչ Քաջարենց, Լեւոն Շահոյեան, ծաղրանկարիչ Մասիս, եւ դեռ՝ Հայաստանէն սիրելի շա՜տ անուններ, որոնք գոյն ու շունչ կու տան թերթին։
Վերցուցէ՛ք 1950ական կամ 60ական թուականներէն «Նայիրի»ի պատահական թիւ մը։ Կարդալիք ահագին բան պիտի գտնէք այնտեղ։ Կարծէք թէ այդ թիւը…այսօ՛ր գրուած ու տպուած ըլլայ։ Ծառուկեան այնպէս մը պատրաստեր ու խմբագրեր է թերթը, որ կարծէք թէ ապագայ ընթերցողին ալ հաշիւը ըրեր է…։
Արդէն, «Նայիրի»ն լուրերու թերթ մը չէ եղած, այլ բացառապէս ԸՆԹԵՐՑՈՒՄԻ թերթ մը։ Ժամանակավրէպ ո՛չ մէկ նիւթ կը գտնէք հոն։ Թերթին իւրաքանչիւր թիւը ճաշակի, ոճի եւ լեզուի տիպար նմոյշ մըն է։
Յաճախ (թերեւս անիրաւաբար) կը փորձուիմ «Նայիրի»ն բաղդատել Սփիւռքի մերօրեայ մամուլի անուններուն հետ։ Վիհ մը, անջրպետ մը կը տեսնեմ անոնց միջեւ։ Կը տխրիմ, որովհետեւ Ծառուկեանի մը ստուե՛րն անգամ չեմ գտներ այսօրուաններուն մօտ…։

***
Գրական ճակատի վրայ նուաճում մըն էր անկասկած «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»ը, զոր Անդրանիկ Ծառուկեան հրատարակեց 1955-ին։
Վիպականացած պատմութիւնն էր ասիկա երբեմնի իր որբանոցային կեանքին։
1905-1915ի միջեւ ծնած արեւմտահայ մեր գրողներէն շատեր որբանոցներու գորշ պատերէն ներս անցուցին իրենց մանկութիւնը։ Ու յետագային, գրի առին ու հրատարակեցին այդ տխուր օրերէն յամեցող իրենց յուշերն ու յիշատակները։ Նախկին որբեր էին Խաչիկ Դաշտենցն ու Վաղարշակ Նորենցը, Հրաչեայ Քոչարն ու Գուրգէն Մահարին, Զարեհ Որբունին եւ Անդրանիկ Անդրէասեանը, Սմբատ Փանոսեանն ու Յակոբ Ասատուրեանը…
Ո՛չ մէկ գիրք սակայն կրցաւ վայելել այն ժողովրդականութիւնը՝ զոր վայելեց ու առ այսօր կը վայելէ «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»ը։ Այնքա՜ն տպաւորիչ պատկերներ կային այնտեղ, այնքա՜ն սրտախօսիկ ոճ մը օգտագործած էր հեղինակը հոն, ու մեր սիրտն ու հոգին խռովող այնքա՜ն շատ բան կար անոր էջերուն վրայ, որ Ծառուկեանի այս գիրքը տակաւ դարձաւ դասական գլուխ-գործոց մը։
Իր կորսուած մանկութիւնը փնտռող ու զայն վայելած չըլլալու ափսոսանքը ապրող մարդն է այստեղ Ա. Ծառուկեան, որ ցաւագին կը հառաչէր.
- Եթէ տրուէր, օ՜ եթէ տրուէր վերապրիլ օր մը կեանքէս, երազի գոյն աչքերով այն քնքոյշ էակը չէր, որ պիտի ուզէի գտնել կրկին, յաղթանակի գինովութիւնս չէր, ներշնչումի մեծ պահս չէր, վայելքի եւ երջանկութեան գիշերներս չէին, առագաստի իրիկունս չէր եւ առաջին զաւկիս առաջին ճիչը չէր…։ Եթէ տրուէր, օ՜ եթէ տրուէր մահ-
ւան առջեւ օ՛ր մը եւս ապրելու կեանք, պիտի ուզէի, որ գար ինծի մանկութի՜ւնս…
Ո՞վ չէ կարդացեր այս գիրքին նշանաւոր մէկ հատուածը՝ «Կաղանդ»ը, որ տեղ գտած է հայերէնի դասագիրքերու մէջ եւս։
Որբերուն խոստացուած Կաղանդի մը մասին է խօսքը։ Յայտարարուած էր, որ այդ օր օտար երկրէ հիւր մը պիտի այցելէ որբանոց, պիտի խնդայ ու խնդացնէ…։
Որոշեալ օրը, հարիւրաւոր որբեր, փոքր կամ չափահաս, կը հաւաքուին բակին մէջ։ Բարձրադիր ամպիոնի մը վրայ իրենց տեղերը կը գրաւեն որբանոցի պատասխանատուները, բարերարներ եւ սպասուած հիւրը, որ սեւ տարազով ճաղատ մարդ մըն է եւ ունի սուր քիթ մը…։ Մարդը սակայն չ՚արդարացներ ինքզինք, որովհետեւ ո՛չ կը խնդայ, ո՛չ ալ կը խնդացնէ։ Ընդհակառակն, տխուր կ՚երեւի ու թաշկինակ մը ունի ձեռքը՝ զոր երբեմն աչքերուն կը տանի…։ Ի վերջոյ, ան կը փորձէ խօսք առնել, բայց կը յաջողի արտաբերել միա՛կ նախադասութիւն մը.-«Որբե՜ր, ես ձեզ շա՛տ կը սիրեմ…»։
Այնուհետեւ, Կաղանդը կը շարունակուի քիչ մը յուզիչ մթնոլորտի մէջ։ Բեմէն երգուած տխուր երգ մը պատճառ կը դառնայ, որ մեծահասակները փղձկին։ Անոնց լացը կը վարակէ տարիքով փոքրերը, եւ այսպէս՝ բոլորը կը սկսին լալ կամ հեկեկալ…։ Որբերը իրենց սենեակները կը ղրկուին՝ դժգոհ ու պատրանաթափ։ Ի՞նչ տեսակ հիւր էր այս,-հարց կուտան անոնք։ Պիտի խնդար ու խնդացնէր, բայց…լացա՛ւ ու լացուց…։
Տարիներ ետք, վերի պատումին հեղինակը անսպասելիօրէն պիտի յայտնաբերէր, որ այդ անմոռանալի Կաղանդին հիւրը Երուանդ Օտեանն էր…։
«Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»ը մէկն է այն բացառիկ գիրքերէն, որոնք Հայուն Ցաւը լաւագոյնս կրնան բացատրել օտարին։ Այս իմաստով ալ, կը խորհիմ, ան չի զիջիր իրմէ տասնամեակներ ետք գրի առնուած ու մերօրեայ գիրքի աշխարհին մէջ շռնդալից մրցանակներ կամ անկասելի ծափահարութիւններ խլող օտարալեզու գործերու՝ Անթոնիա Արսլանի, Փիթըր Պալաքեանի կամ Ֆէթհիյէ Չէթինի ծանօթ երկերուն։
Ու բարեբախտաբար, «Մանկութիւն»ը թարգմանուած է քանի մը լեզուներու ու հրատարակուած։ Ռուսերէնով՝ 1964ին, ֆրանսերէնով՝ 1977ին (թրգմ.՝ Սարգիս Պօղոսեան), անգլերէնով՝ 1985ին (թրգմ.՝ Մարզպետ Մարկոսեան եւ Էլիզ Պայիզեան) եւ արաբերէնով երկիցս՝ 1987/1989 (թրգմ.՝ Հրաչ Սահակեան)։
Առիթով մը, լիբանանահայ արձակագիր Արմէն Դարեան հարցուցեր է Ծառուկեանին.
- Անդրանի՛կ, գործերուդ մէջ ո՞րն է սրտիդ ամենամօտիկը։
- «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»ը,- անվարան պատասխաներ է Ծառուկեան։

Ե.
Անկիւնադարձ մը կը սեպուի Ծառուկեանին անդրանիկ այցելութիւնը Խորհ. Հայաստան, 1958 Փետրուար-Մարտին, ամսուան մը տեւողութեամբ։ Այս այցը կ՚իրականանար Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին անձնական հրաւէրով, ու Ծառուկեան ոչ միայն հիւրը կ՚ըլլար Մայր Աթոռին, այլեւ շփումներ կը հաստատէր Հայաստանի գրական, գիտական ու հանրային շրջանակներուն հետ։
Վերադարձին՝ կը գրէր ուղեւորի իր տպաւորութիւնները մէկտեղող հոյակապ գիրք մը՝ «Հին երազներ, նոր ճամբաներ» խորագրով (1960)։ Ու այս առթիւ եւս՝ հրապարակը աղմկիլ կը սկսէր թեր ու դէմ կարծիքներով…։
Սովորական յուշագրութիւն մը կամ ուղեգրութիւն մը չէր այս գիրքը, ոչ ալ տեսարժան վայրերու հիացիկ նկարագրութիւն մը։ Պատգա՛մ մը ունէր այս գիրքը Սփիւռքի հայութեան, եւ այդ պատգամին առաջին շողերը կը գտնուէին արդէն 15 տարի առաջ հրատարակուած «Թուղթ առ Երեւան»ի չափածոյ տողերուն արանքին…։ Հոս, արձակ այս էջերուն մէջ, պատգամը աւելի յստակ էր եւ շեշտակի։ Ծառուկեան կը բացատրէր, թէ ինք ու իրեն նման հազարաւոր Սփիւռքահայեր տարիներ շարունակ ողբալիօրէն տառապեցան իրենց հարազատ Հայրենիքը չկարենալ սիրելու տագնապով…։ Օրօրուեցան «ոգեղէն հայրենիք»ի գաղափարով, որ իրականութեան մէջ պատրանք մըն էր։ Այլեւս հասած էր ժամանակը՝ որպէսզի ճանչնայինք շօշափելի եւ ՀՈՂԵՂԷՆ Հայաստանը, իր սեւով ու ճերմակով…։
- «Եռագոյն դրօշ՝ չկայ այստեղ,-կը գրէր ան,- բայց կան բոլոր այն սրբութիւնները, որոնց խորհրդանիշն էր Եռագոյնը։
Անկախութիւն՝ չկայ այստեղ, բայց կայ հայ ոգիի եւ մշակոյթի այնպիսի անօրինակ պաշտամունք մը եւ ծաղկում մը, որոնց նմանը մեր թագաւորներուն օրով իսկ չէինք տեսած, եւ որոնց սիրոյն էր որ արիւն տուինք, առնելու համար անկախութիւն…
Հայկական զօրագունդ՝ չկայ այստեղ, բայց Հայաստանի սահմանին վրայ պահակ կեցած է բանակ մը, որուն մօտեցողը տունով-տեղով ու եօթը պորտով կրնայ մոխիր դառնալ…
…Հասած ենք տեղ մը, ուր Հայրենիքը այլեւս այնքան պէտք չունի մեզի, բայց մենք աւելի քան պէտք ունինք Հայրենիքին, թարմացնելու համար տակաւ տժգունող մեր հին երազները, տեսնելու համար մեր Հին Երազին տանող Նոր Ճամբաները»…
Ծառուկեան, երեւակայական եւ յուզիչ զրոյցի մըն ալ կը նստէր իր գաղափարական ռահահորդին՝ Քրիստափորի հետ (Միքայէլեան), խնդրելով որ ան լիագումար մեծ ժողով մը ընէ, բանաձեւ մը քուէարկել տայ, կարմիր կնիքով շրջաբերական մը հանէ եւ վերջապէս ըսէ մեզի՝ որ այս երկիրը Հայաստա՞ն է, թէ Հայաստան չէ…
Արտասահմանի մէջ, ոմանք Ծառուկեանի այս «գաղափարական շրջադարձ»ը համարեցին դասալքութիւն մը ու այլեւս բնա՛ւ չներեցին զինքը, ուրիշներ՝ գնահատելի հոգեփոխութիւն մը տեսան հոն ու նեցուկ կանգնեցան իրեն։ Իսկ Խորհ. Հայաստանի իշխանութիւնները՝ սկիզբը խիստ վերապահ ու կասկածոտ, այնուհետեւ տակաւ վստահեցան իրեն եւ ընդունեցին իր մտաւորական պարկեշտութիւնը։ Ինչ որ պատմութեան մութ արխիւներուն մէջ մնաց՝ օրը-օրին գրուած այն գաղտնի «տեղեկագիր»ներն էին, որոնք Հայաստան իր այցելութեանց առթիւ լրտեսներու կողմէ կը յղուէին համապատասխան գրասենեակներու՝ «դաշնակ» Անդրանիկ Ծառուկեանի խօսքերն ու մտածումները փոխանցելու համար… (այս մասին տեսնել բանասէր Գէորգ Եազըճեանի «Անդրանիկ Ծառուկեանի առաջին այցելութիւնը Խորհրդային Հայաստան» փաստահաւաք գրքոյկը, Երեւան, 2008)։

***
Ոմանց կարծիքով՝ Ծառուկեանի կեանքին 1960էն մինչեւ 70ական թուականներու վերջերը երկարող շրջանը, շուրջ երկու տասնամեակ, գրական տեսակէտով «ամուլ» շրջան մըն է։
Կը խորհիմ սակայն, որ այսպիսի բնորոշում մը այնքան ալ ճիշդ չէ։
Այո՛, Ծառուկեան նոր գիրք մը չհրատարակեց այդ միջոցին, բայց…կանգուն ու առողջ պահեց «Նայիրի»ն։ Ան իր մտաւորական ուժն ու նիւթական ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրաւ թերթին ծաղկումին եւ անխափան գոյատեւման համար։ Բեռ մըն էր «Նայիրի»ն, որուն հրատարակութիւնը նիւթական յենարաններու կը կարօտէր, մանաւանդ որ անիկա չէր վայելեր որեւէ կազմակերպութեան հովանին եւ չէր ընդուներ նաեւ առեւտրական կամ այլ ծանուցումներ։
Յետոյ, վերոնշեալ քսանամեակի «Նայիրի»ի հաւաքածոները լեցուն են Ծառուկեանի գրչին պատկանող անթիւ-անհամար գրութիւններով, որոնք անպայման հրապարակագրական էջեր չեն…։ Այլ խօսքով, բազմաթիւ գրութիւններ պահած են ու միշտ ալ պիտի պահեն անժամանցելի շահեկանութիւն մը՝ իբրեւ ուղեգրութիւն, տպաւորապաշտ էջ, մահագրական, վերլուծական եւայլն։ Արդէն, այսօրինակ ընտիր գրութիւններ, յետ մահու, մէկտեղւեցան կողքերու տակ ու հրատարակուեցան առանձին հատորներով, ինչպէս՝ «Ամերիկեան կողմն աշխարհի»ն (Լոս Անճըլըս, 1999), «Առկայծող Հայեր Եւրոպայի լոյսերուն մէջ»ը (Հալէպ, 1999), «Սփիւռքի տասնամեակները» (Հալէպ, 2000)։
Ծառուկեանի «ամլութիւն»ը մատնանշողներէն մին, զորօրինակ, իր սերնդակիցներէն Սիմոն Սիմոնեանն էր։ Գիտենք, որ արժէքաւոր այս երկու գրագէտներուն յարաբերութիւնը բարեկամական ու սիրալիր ըլլալէ հեռու էր…։ Երկու մրցակից թերթերու սեփականատէրերն էին անոնք Պէյրութի մէջ, ունէին նաեւ գրական ճաշակի, խմբագրական առաքելութեան, կապերու եւ աշխարհահայեացքի տարբերութիւններ։
Սիմոնեան, զորօրինակ, «ապրող ամենամեծ հայ բանաստեղծը» կը սեպէր Յովհ. Շիրազը, ու շարունակ կը զարդարէր իր թերթը Շիրազի յորդաբուխ տաղերով։ Մինչդեռ Ծառուկեան, առանց ուրանալու Շիրազի տաղանդը, կը խորհէր որ ան յաճախ «տղայական ոտանաւորներու տակ կը սփռէ նուիրագործուած իր ստորագրութիւնը»… (տե՛ս «Նայիրի», 11 Մարտ 1973)։
Ահա այս առիթով է, որ Սիմոնեան ընդարձակ քննադատական մը կը գրէր Ծառուկեանի հասցէին ու զայն կը մեղադրէր ստեղծագործական ամլութեամբ՝ պէշկէօթիւրեանիզմով (ԺԹ. դարու զաւակ Գարեգին Պէշկէօթիւրեան՝ խարբերդցի վաղամեռիկ երիտասարդ մըն էր, որ իր «Սրինգը» խորագրեալ միա՛կ քերթուածով տեղ գտաւ մեր գրականութեան մէջ։ Սիմոնեան կ՚ուզէ զուգորդել զայն «Թուղթ առ Երեւան»ին…)։ Ու տակաւին, խստօրէն մերժելով Ծառուկեանի նկատողութիւնները Շիրազին հասցէին, պատկերալից ոճով մը՝ Սիմոնեան այդ յանձնարարութիւնները կը նմանցնէ «անծին ու ամուլ կիներու գերսքանչելի ծննդաբերական խրատներ»ուն, ուղղեալ՝ «բազմածին ու լեցուն կուրծքով մայրերու»… (տե՛ս «Սփիւռք» շաբաթաթերթի յաջորդական երեք թիւերը՝ 1973 Մարտ 25, Ապրիլ 1 եւ 8)։
Մամլոյ ասպարէզին մէջ նմանօրինակ վիճաբանութիւններ կամ հակադրութիւններ աւելի քան բնական են անշուշտ։ Պիտի համարձակիմ նոյնիսկ պնդել, թէ ատո՛նք է որ «համ ու հոտ» կու տան թերթի մը՝ ընթերցող զանգուածը արթուն ու շահագրգիռ պահելով։ Եւ «Նայիրի»ն ալ, միշտ ու տեւաբար, չէ խուսափած կրկէս իջնելէ ու ցլամարտի մասնակցելէ…
Այսօր, գրականութեան պատմութեան համար իսկ կարեւոր ատաղձ է 60 տարուան վաղեմիութիւն ունեցող այն գրավէճը, որ դէմ յանդիման հաներ էր… կիւրինցի երկու գրագէտները՝ Ծառուկեանն ու Վահէ-Վահեանը։ Տարակարծութեան դրդապատճառը Հալէպէն Հայաստան ներգաղթած դեռատի բանաստեղծ Անդրանիկ Թէրզեանի արկածահար մահն էր։ «Նայիրի»ի խմբագիրը սարքովի ու խորհրդաւոր դաւադրութիւն մը կը տեսնէր Թէրզեանի մահուան պարագաներուն մէջ, իսկ Վահէ-Վահեան շատ կծու հակայարձակումով մը՝ «համբակ փաստաբան» եւ «ամբարիշտ» կը կոչէր Ծառուկեանը ու անոր բերնին մէջ կը տեսնէր «բորենիի ժանիքներ»… (տե՛ս. «Անի» ամսագիր, Պէյրութ, Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 1952)։
Այս բոլորը թաղուած են մամուլի հաւաքածոներուն մէջ։ Կայ սակայն գրականագիտական գիրքերէ ներս թափանցածն ալ, որուն ցայտուն մէկ օրինակն է Մինաս Թէօլէօլեանի համբաւաւոր «Դար մը գրականութիւն»ը։ Թէօլէօլեան, սերնդակիցը, անցեալի գործակիցն ու երբեմնի կուսակիցը Ծառուկեանին, անոր գը-
րականութիւնը կը ստորագնահատէ սա՛ բառերով.
- «Նայիրի»ի հրատարակիչ-խմբագիր՝ վերջին քսանըհինգամեակին իր թերթին մէջ հրատարակած է հայրենական տպաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ գրչախաղի բնոյթ ունեցող կամ Զ. Եսայեանի «Կեղծ հանճարներ»ը ձեւականօրէն յիշեցնող կեանքի կարգ մը պատկերներ՝ որոնք թերեւս առանձնատիպերով ալ լոյս տեսած ըլլան։ Չենք ստացած, չենք կրցած ապահովել,- եւ չենք կարծեր բան մը կորսնցուցած ըլլալ, որովհետեւ անարիւն, արուեստական ու կեղծ գտած ենք՝ ինչ որ տեսած ու կարդացած ենք պատահականօրէն, իր թերթին մէջ (տե՛ս. նշեալ աշխատասիրութեան վերամշակեալ Բ. հատորը, 1977, էջ 316)։
Եղա՞ւ այսպէս։ Ծառուկեանը՝ անարի՜ւն, արուեստակա՜ն ու կե՛ղծ…

***
Ծառուկեանի ստորագրութիւնը կրող քանի մը նոր հատորներ հրապարակ հանուեցան 1980էն սկսեալ, խանդավառ շահագրգռութիւն մը ստեղծելով գրասէր բազմութիւններու մօտ ու ինքնաբերաբար ջրելով…ամլութեան վարկածը։
Ամենէն առաջ՝ «Երազային Հալէպը»։ Վերյիշումներու ճամբով, Ծառուկեան վերադարձ մը կը կատարէր դէպի իր սիրելի օրրանը՝ Հալէպ, ու մեր գրականութեան մէջ կ՚անմահացնէր այս արեւելեան հայախիտ ու հայաբոյր ոստանը՝ իր հայ կամ ոչ հայ անուանի դէմքերով, Էտիպ պէյով ու Լութֆի աղայով, Արտաւազդ Սրբազանով ու Զարեհ վարդապետով, Միհրան էֆէնտիով ու Հրաչ Փափազեանով, Ժագ Սարվոյով եւ Ճապրի եղբայրներով, Նշան Թիւյսիւզեանով ու միւսներով…։
Զուգահեռաբար, նոյն թուականին, լոյս կը տեսնէր «Վերջին անմեղը»։ Վէպ մըն էր ասիկա, որ լուսարձակ կը բանար Սփիւռքի մեր ազգային-կուսակցական կեանքին «խոհանոց»ին վրայ՝ գլխաւոր հերոս ունենալով տարաբախտ Բեգլար Նաւասարդեանը (վէպին մէջ՝ Գառնիկ), որդին՝ «Յուսաբեր»ի խմբագիր եւ դաշնակցական ղեկավար Վահան Նաւասարդեանի։ Հեղինակը այս վէպը կառուցեր էր իրական կեանքէ առնուած դէպքերու վրայ, ատաղձ ունենալով ի՛ր իսկ հարազատ փորձառութիւններն ու ծանօթութիւնները։
Երկրորդ վէպ մը՝ «Սէրը Եղեռնին մէջ», լոյս կը տեսնէր 1987ին։ Արտասովոր սիրոյ մը յուզավառ պատմութիւնն էր ասիկա, երբ երիտասարդ ու գեղեցիկ Թրքուհի մը, մահացու հիւանդ, կը սիրահարի զինք խնամող հայ բժիշկին, որ ուրիշ մէկը չէ՝ եթէ ոչ…ձերբակալուած եւ աքսորի դատապարտուած բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակը…։ Այս եւս իրական եղելութեան մը գեղարուեստական վիպականացումն էր, որ գրականութեան ատաղձ կը դարձնէր այդ նոյն գրականութեան ընտիր մշակներէն մէկուն ողբալի կեանքը…։
Ասոնցմէ զատ, 1983ին կը հրատարակուէր Ծառուկեանի «Նոր Հայաստան, նոր Հայեր» գիրքը, որ օրկանական շարունակութիւնն էր «Հին երազներ, նոր ճամբաներ»ուն։ 1958ին Հայաստան տրուած իր առաջին շռնդալից այցելութենէն ետք, յաջորդող տարիներուն, հեղինակը բազմաթիւ առիթներով վերստին ու վերստին հայրենիք գտնուելու պատեհութիւններ ունեցած էր, շփուած էր հողին ու մարդոց հետ, ծանօթացած էր «նոր Հայեր»ու, նշմարած էր հինէն ժառանգուած թերութիւններ, բայց ուրախ մնացեր էր միշտ՝ վերագտնելով հետզհետէ դիմափոխուող, բարեփոխուող «նոր Հայաստան» մը…։
Շահեկան յուշերու, արժէքաւոր վկայութիւններու եւ իւրօրինակ դիմապատկերներու գիրք մը պիտի ըլլար նաեւ «Մեծերը եւ…միւսները» ծաւալուն հատորը, որուն հրատարակութիւնը իրականացաւ միայն յետ մահու, 1992ին։ Որո՞նք էին «մեծեր»ը.- Շանթը, Աղբալեանը, Դրօն, Վրացեանը, Չօպանեանն ու Կոստան Զարեանը, եւ տակաւին տասնեակ մը համբաւեալ դէմքեր։ Իսկ ասոնց շուքին տակ ալ, կամ յաճախ լուսանցքի վրայ, կը պտըտկէին…«միւսները», նուազ ծանօթ դէմքեր, իրենց դրական կամ յոռի յատկանիշներով, նկարագրային գիծերու այլազանութիւններով։ Ծառուկեան համոզուած էր, որ Սփիւռքը ղեկավարելու կոչուած անձնաւորութիւնները յաճախ կը գործէին ճակատագրական ու բախտորոշ սխալներ։ Այդ իսկ պատճառով, այս գրքին սկիզբը ան կատարած էր հետեւեալ ուշագրաւ ու խորիմաստ նշումը. «Սփիւռքը անկայուն եւ լպրծուն գետին է, ուր իրական մեծերը չեն յաջողիր մեծ մնալ, իսկ օժտուած կրտսերներուն թոյլ չի տրուիր որ մեծնան»…

***
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, որ ծայր տուաւ 1975ին՝ շարունակուելու համար ամբողջ 15 տարի, իր բացասական ազդեցութիւնն ունեցաւ նաեւ «Նայիրի»ին վրայ։ Ռազմադաշտի վերածուեցաւ Պէյրութը, որուն ընկերային, համայնքային, տնտեսական ու քաղաքակրթական սլացիկ կեանքը տուժեց մեծապէս։ Ծառուկեան կուրծք տալով բազմապիսի դժուարութեանց՝ շարունակեց հրատարակել «Նայիրի»ն, մերթ պարտադիր ընդհատումներով, մերթ խարխափումներով։ Սակայն 1983 Մարտի կիսուն պատահեցաւ այն՝ ինչ որ անխուսափելի էր կարծէք։ «Նայիրի»ն լոյս ընծայեց իր վերջին թիւը…։ Տխուր թուական մը՝ թերթի մը համար, որ ամբողջ քառասուն տարի փարոսը դարձեր էր հանրային կարծիքին ու սնուցեր էր սերունդներու մտաւոր ու հոգեկան պահանջները։ Նոյնքան տխուր թուական մը իրե՛ն՝ Ծառուկեանին համար, որ առանց թերթի՝ կը նմանէր ջուրէն դուրս ինկած ձուկի…։
Աշխարհ մըն էր «Նայիրի»ն իրեն համար, ու հիմա այդ աշխարհը փուլ եկած էր։
Ծառուկեան թողուց Պէյրութը եւ անցաւ Փարիզ։ Սէնի ափերը աւելի՛ եւս յուսալքեցին զինք, որովհետեւ այնտեղ չգտաւ Հալէպի կամ Պէյրութի այն տաքուկ մթնոլորտը, գրական ու ընկերային եռուն կեանքը, որ թեւ կու տար իր երազներուն ու կը ջրդեղէր գործելու, արտադրելու իր եռանդը։ Արդէն, սրտակից գրչեղբօր մը ականջին փսփսացեր էր.
- Այստեղ որո՞ւն հոգը՝ թէ ո՞վ ես դուն։ Պէյրութի մէջ մէ՛կն ենք գոնէ…։
Ոմանք կը խորհէին, որ Ծառուկեան թերեւս փորձէր «Նայիրի»ն վերակենդանացնել Փարիզի մէջ։ Սի՜ն երազ։ Փարիզը ապերախտ քաղաք էր…։ Մնաց որ Ծառուկեան ի՛նք ալ յոգներ էր արդէն, ոլոքները կանխահասօրէն դաւաճաներ էին իրեն ու այլեւս գաւազանի մը պէտք ունէր քալելու համար…։
Այնուհանդերձ, փարիզեան իր նոր կայքէն ան աշխատակցեցաւ թէ՛ տեղւոյն «Յառաջ» օրաթերթին՝ «Արեւելքցի» ստորագրութեամբ, թէ՛ ալ Լոս Անճելըսի «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթին, ուր հրատարակեց իր յաւելուածական յուշերը Հալէպի ու հալէպահայոց վերաբերեալ։
1989 Մայիս 20ին, «Թուղթ առ Երեւան»ի պոէտը փչեց իր վերջին շունչը։
Ծառ մը տապալեցաւ Նայիրեան մեր ապրումներուն մէջ։
Այդ օր, հաւանաբար, շատեր յիշեցին կամ մրմնջեցին փոսը դրուող վաստակեալին «Առագաստներ» հատորէն բանաստեղծական սա՛ տողերը.

«Հողը թեթեւ գայ ընկե՛ր, ոսկորներուդ վրայ խոնջ,
Հողը թեթեւ՝ ուր գնաց մարմինդ կո՛ւլ սեւ փոսին…
Գարուններուդ վրայ կանաչ ու սէրերուդ դեռ բողբոջ՝
Մնաց այս քա՛րը դաժան ու մեր արցունքը վերջին…

Հողը թեթեւ… Կ՚ունենա՞յ բայց օտար հողն արդեօք գութ…
Հողը թեթեւ… Դեռ երէ՛կ, արցունքներուդ ընդմէջէն
Կ՚ըսէիր.- «Օդն այս օտար կարծես սրտիդ, թոքերուդ,
Անկշիռ օ՜դն իսկ, ընկե՛ր, ունի ճնշում, ոխ ու քէն…»

Անհայրենիք՝ հողին վրայ, օտարական՝ հողին մէջ,
Կռի՜ւ էր կեանքդ երէկ ընդդէմ բախտին, աշխարհի՛ն…
Հա՛յ ես, ընկե՛ր – Հայու բա՛խտ… - կռուէ՛ նաեւ մահէդ վերջ՝

Հողիդ համա՜ր կորուսեալ ու հողին դէ՜մ այս օտար…»
 
«Նոր Յառաջ», Դեկտեմբեր 7, 10, 12, 14 եւ 17, 2013

1 comment:

  1. Շնորհակալութիւն այս համապարփակ ներկայացումին համար։

    ReplyDelete